ԵԽԽՎ դիտորդական պատուիրակութիւնը կ՚առաջարկէ Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքին մէջ նախատեսել կրկնաքուէարկութիւն այն պարագաներուն, երբ տեղամասի արդիւնքները անվաւեր ճանչնալը կը վտանգէ ընտրողներու ներկայացուածութիւնը խորհրդարանին մէջ։ Կ՚առաջարկուի սահմանել նաեւ կրկնաքուէարկութեան յստակ շեմեր եւ ընթացակարգեր։
ԵԽԽՎ դիտորդական պատուիրակութիւնը Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ կ՚առաջարկէ ընդլայնել ընտրական վէճերով դատարան դիմելու իրաւունք ունեցողներու շրջանակը, երկարաձգել բողոքարկման ժամկէտները եւ խախտումները շտկելու աւելի ճկուն միջոցներ նախատեսել։ Դիտորդները կոչ կ՚ընեն նաեւ ամրապնդելու ընտրական յանձնաժողովներու անդամներու նշանակման անկախութիւնը, վերացնելու նախընտրական շրջանի ու երրորդ անձերու ֆինանսաւորման վերահսկողութեան բացերը, ամբողջութեամբ կարգաւորելու վարչական միջոցներու գործածութիւնը եւ արդիւնաւէտ պատժելու չարաշահումները։
Պատուիրակութիւնը կոչ կ՚ընէ ապահովելու ընտրական գործերով պատշաճ դատավարութիւնը եւ վերանայելու իրաւապահներու գործելակերպը՝ մարդու իրաւունքներու եւրոպական չափանիշերուն համապատասխանեցնելու համար։
Դիտորդները կ՚առաջարկեն երաշխաւորել բոլոր քաղաքական ուժերու խաղաղ հաւաքներու իրաւունքը, պարզեցնել տեղահանուած եւ խոցելի ընտրողներու փաստաթղթաւորման պայմանները, արագացնել քաղաքացիութեան ու հաշուառման գործընթացները։
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ յետընտրական հիմնական վէճը կը վերաբերէր ԿԸՅ-ի կողմէ 10/51, 35/65 եւ 12/13 ընտրատեղամասերու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալուն։ Որոշ հաշուարկներու համաձայն՝ եթէ այդ տեղամասերու մասնակցութեան տուեալները հաշուի առնուէին, «Բարգաւաճ Հայաստան»ը կրնար յաղթահարել խորհրդարան անցնելու 4 տոկոսի շեմը, մանտաթներ ստանալ։ ԿԸՅ-ն հիմնաւորած է, որ այդ տեղամասերու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալը չէ ազդած ընդհանուր արդիւնքին վրայ, եւ որոշած է կրկնաքուէարկութիւն չնշանակել։ Զեկոյցին մէջ այդ հիմնաւորումը անբաւարար գնահատուած է՝ յատկապէս հաշուի առնելով որոշման ազդեցութիւնը։