Տեղի Ունեցաւ Ողբացեալ Պենոն Սեւանի Թաղման Արարողութիւնն Ու Յուղարկաւորութիւնը

հեղինակ՝
12 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Նորոգ հանգուցեալ ողբացեալ Պենոն Սեւանի թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի 12 Հոկտեմբերին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ։

Արարողութեան նախագահեց Կիպրահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան, մասնակցութեամբ արժ. Տ. Մաշտոց քհնյ. Աշգարեանի եւ արժ. Տ. Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանի։


ՄԱԿ-ի մէջ դիւանագիտական խիստ հեղինակաւոր պաշտօն զբաղեցուցած եւ միաժամանակ ազգային ուշագրաւ գործունէութիւն ծաւալած վաստակաշատ հայորդիին վերջին հրաժեշտ տալու համար ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը, բաղկացած կիպրահայ համայնքի մեծաթիւ ներկայացուցիչներէ, Կիպրոսի մէջ պաշտօնավարող ՄԱԿ-ի շատ մը պաշտօնատարներէ եւ հանգուցեալին օտարազգի ծանօթներէն եւ բարեկամներէն։ Ներկայ էին նաեւ Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Իննա Թորգոմեանը եւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը։


Թաղման արարողութենէն ետք դամբանական խօսքով հանդէս եկան գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, հանգուցեալին դուստրը՝ Ճասմին Սեւան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով՝ տոքթ. Վիգէն Ասիլեան։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութան Կեդրոնական Վարչական ժողովի Նախագահ Սեմ Սիմոնեանի կողմէ առաքուած ցաւակցագիր մը։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ հայոց գերեզմանատան մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss