Կեանքէն Հեռացած Է Պենոն Սեւանը

հեղինակ՝
5 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

4 Հոկտեմբեր 2026-ին, Նիկոսիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կիպրոսի ներկայացուցիչ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երկարամեայ, վաստակաշատ անդամ Պենոն Սեւանը:

Ծնած էր 18 Դեկտեմբեր 1937-ին, Նիկոսիա, Կիպրոս։ Շրջանաւարտ դարձած էր (1958) Հ.Բ.Ը.Միութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն։

Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր յաճախելով Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանը, արժանանալով Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսին Ընդհանուր ազգերու պատմութեան մէջ: Այնուհետեւ, նոյն համալսարանէն արժանացած էր նաեւ միջազգային յարաբերութեանց ճիւղի յետաւարտական վկայականի։

1965-ին մնայուն պաշտօնավարութեան ընդունուած էր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մօտ։ Իբրեւ Մ․Ա․Կ․-ի կողմէ առաքուած պաշտօնական դիտորդ եւ վերահսկիչ, բարեյաջող լրումի հասցուցած էր միջազգային շարք մը գործուղումներ։

Իբրեւ Մ․Ա․Կ․-ի Տնտեսական եւ Ընկերային խորհուրդի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ միջկառավարական եւ մասնագիտական մարմիններու քարտուղար ու Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ, տարիներ շարունակ յաջողութեամբ գլխաւորած էր հեղինակաւոր շատ մը առաքելութիւններ դէպի քաղաքականօրէն լարուած եւ գերզգայուն իրավիճակներ։

Մ․Ա․Կ․-ի մէջ շուրջ 40 տարիներու իր վաստակաշատ պաշտօնավարութենէն հանգստեան կոչուելէն ետք, բնակութիւն հաստատած էր իր ծննդավայրին՝ Կիպրոսի մէջ, ուր աւարտած է իր երկրային կեանքը:

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss