Վերջին լուրերը

Պաղեստինահայ Լուսանկարիչ Հրանդ Նագգաշեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

17 Հոկտեմբերին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ պաղեստինահայ նշանաւոր լուսանկարիչ Հրանդ Նագգաշեանի (1921–1991) ստեղծագործութեան նուիրուած անհատական առաջին ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ (համադրող՝ Վիգէն Գալստեան)։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած են լուսանկարիչի զաւակներուն՝ Սարօ եւ Անուշ Նագգաշեաններու տրամադրած երեսուն բնօրինակ մամլային…
20 Հոկտեմբերի 2026

Հայաստան

Հայաստան Յանձնառու Է Միջուկային Ուժանիւթի Խաղաղ Օգտագործումին

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի Առաջին յանձնախումբի միջուկային զէնքերու վերաբերեալ քննարկումին ժամանակ, Հայաստանի պատուիրակութիւնը վերահաստատած է, որ ՀՀ-ն կը զօրակցի Միջուկային զէնքի չտարածման մասին դաշնագրին: Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը։ «Ընդգծուած է…
19 Հոկտեմբերի 2026

Սփիւռք

Մելանի Ժոլի Կը Պարգեւատրուի ՀԲԸՄ-ի «Պօղոս Նուպար» Մրցանակով

Գանատայի արդիւնաբերութեան նախարար եւ արտաքին գործերու նախկին նախարար Մելանի Ժոլի, Մոնրէալի մէջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) 94-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արժանացաւ հեղինակաւոր «Պօղոս Նուպար» մրցանակին։ ՀԲԸՄ-ի բարձրագոյն պարգեւներէն մէկը կը շնորհուի հայ ժողովուրդին եւ համայնքին…
19 Հոկտեմբերի 2026

Միջազգային

Թրամփ. Ներգաղթը Կործանած Է Ֆրանսան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտնած է, որ ներգաղթը լուրջ վնաս հասցուցած է Ֆրանսային՝ կոչ ընելով փակելու սահմանները եւ խստացնելու վերահսկողութիւնը։ «Ֆրանսան կ’այրի։ Բոլորովին այլ աշխարհէ եկած մարդոց ներգաղթը կործանած է երբեմնի մեծ այդ երկիրը: Մարդիկ,…
18 Հոկտեմբերի 2026

Արուեստ-Մշակոյթ

1 Ոսկի եւ 2 Պրոնզ Մետալ՝ «Անգլերէն Առանց Սահմաններու» Միջազգային Ողիմպիականին

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները 1 ոսկի եւ 2 պրոնզ մետալ նուաճած են Hippo «Անգլերէն առանց սահմաններու» 14-րդ միջազգային ողիմպիականին։ Ողիմպիականի եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցած է 28 Սեպտեմբերէն 1…
6 Հոկտեմբերի 2026

Մարզական

Արթուր Ալեքսանեան Վիրահատութեան Ենթարկուած Է

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան ենթարկուեցաւ ողնաշարի վիրահատութեան։ Այս պահուն աշխարհի քառակի ախոյեանը կը գտնուի յետվիրահատական շրջանի մէջ, անկէ ետք պիտի վերադառնայ մարզումներուն։ Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Արթուր Ալեքսանեանը պիտի չմասնակցի…
17 Հոկտեմբերի 2026
ԱնցնիլՎեր