Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանը թոյլատրած է Թրամփի վարչակազմին վերսկսիլ ներգաղթեալները իրենց հայրենիքէն զատ այլ՝ երրորդ երկիրներ արտաքսելու ծրագիրը, առանց անոնց նախապէս առիթ տալու բողոքարկելու մարդու իրաւունքներու հաւանական խախտումներու հիման վրայ:
Վարչակազմը այս գործելակերպը ներդրած էր 2025 թուականին՝ որպէս ներգաղթի վերահսկողութիւնը խստացնելու քաղաքականութեան մաս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները երբեմն դժուարութիւններու կը հանդիպի ներգաղթեալները իրենց հայրենի երկիրներ արտաքսելու հարցով, երբ տուեալ պետութիւններու իշխանութիւնները կը մերժեն զանոնք ընդունիլ։ Թրամփի վարչակազմը խնդիրի լուծման տարբերակներէն մէկը կը համարէ ներգաղթեալները երրորդ երկիրներ արտաքսելը, նոյնիսկ եթէ անոնք որեւէ կապ չունին տուեալ երկրին հետ։ Ըստ հրապարակուած գնահատումներուն՝ այս ծրագրի ծիրին մէջ արդէն շուրջ 25 հազար ներգաղթեալ արտաքսուած է։
Այս քաղաքականութիւնը խիստ քննադատութեան արժանացած է իրաւապաշտպաններու եւ Թրամփի քաղաքական հակառակորդներու կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ, աւելի քան 30 երկիր համաձայնած է ընդունիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն արտաքսուող գաղթականները, անոնց շարքին՝ Լատինական Ամերիկայի շարք մը երկիրներ, ինչպէս՝ Քոսթա Ռիքան, Փանաման եւ Փարակուէյը։
Արտաքսման վերաբերեալ համաձայնագիրներ կը քննարկուին կամ կը կնքուին նաեւ շարք մը ափրիկեան երկիրներու հետ։
Թրամփ նախապէս յայտնած էր, որ իր պաշտօնը ստանձնելէ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ 25 միլիոն մարդ ապօրինի կերպով կը գտնուէր։ Ան բազմիցս հանդէս եկած է աւելի խիստ ներգաղթային քաղաքականութեան օգտին։
Պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք Թրամփ ստորագրած էր գործադիր հրամանագիր՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Մեքսիքօ սահմանին արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտնած է, որ մտադիր է իրականացնել երկրի պատմութեան մէջ ապօրինի ներգաղթեալներու արտաքսման ամենամեծ գործողութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներքին անվտանգութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 2025 թուականէն իվեր երկրէն արտաքսուած է աւելի քան 622 հազար ապօրինի ներգաղթեալ։
Միեւնոյն ժամանակ, տարուան սկիզբէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հեռացած է աւելի քան 2 միլիոն ներգաղթեալ, անոնց շարքին՝ մարդիկ, որոնք այսպէս կոչուած ինքնարտաքսման համար դիմած են բջիջային յաւելուածի միջոցով։