ԱՄՆ 30 Սեպտեմբերին կ՚աւարտէ իր զինուորական ներկայութիւնը Իրաքի մէջ, որ սկսած էր 2003-ին՝ Իրաք ներխուժումէն ետք։ Վերջնական դուրսբերումը նախատեսուած էր Պաղտատի եւ Ուաշինկթընի՝ 2024-ին ձեռք բերած պայմանաւորուածութեամբ։
Այդ համաձայնագիրին համաձայն՝ ԱՄՆ-ի գլխաւորած միջազգային դաշինքը զինուորական առաքելութիւնը Իրաքի մէջ աստիճանաբար կը դադրեցուի, իսկ երկրի ապահովութեան եւ ցամաքային գործողութիւններու հիմնական պատասխանատուութիւնը կ՚անցնի իրաքեան ուժերուն։ Դաշինքը Պաղտատին փոխանցած է նաեւ Պաղտատի միջազգային օդակայանին մէջ գտնուող իր գլխաւոր շտապը։
Իրաքի զինեալ ուժերու խօսնակ Սապահ Նաաման յայտնած է, որ Դաշինքի վերջին անձնակազմը 30 Սեպտեմբերին կը լքէ երկիրը՝ զայն որակելով Իրաքի լիակատար ինքնիշխանութեան վերականգնում։
Միաժամանակ, ԱՄՆ եւ Դաշինքի որոշ երկիրներ կրնան պահպանել երկկողմ ապահովական համագործակցութիւնը Իրաքի հետ։ Ուաշինկթըն նաեւ կրնայ օդային աջակցութիւն տրամադրել «Իսլամական պետութեան» դէմ գործողութիւններուն՝ Պաղտատի խնդրանքով։
Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մասրուր Պարզանի, սակայն, կասկածի տակ առած է ԱՄՆ զօրքերու ամբողջական դուրսբերման ժամանակը՝ նշելով, որ տարածաշրջանին մէջ տակաւին կը պահպանուի անկայունութիւնը, իսկ Քիւրտիստանի տարածաշրջանը բաւարար պաշտպանական հնարաւորութիւններ չունի ապահովական սպառնալիքներուն միայնակ դիմակայելու համար։