Այս տարի Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 14,8 տոկոսով։ Ըստ Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներուն՝ Յունուար-Յունիսին Հայաստան այցելած է 1 միլիոն 41 հազար 598 զբօսաշրջիկ, մինչդեռ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին անոնց թիւը կազմած էր 907 հազար 135։
Միաժամանակ, ուշագրաւ փոփոխութիւն արձանագրուած է զբօսաշրջութեան կառուցուածքին մէջ․ զբօսաշրջիկներու թիւի աճը չէ ուղեկցուած հիւրանոցներու մէջ մնացողներու յաւելումով։ Ընդհակառակը՝ հիւրանոցներու մէջ մնացող զբօսաշրջիկներու թիւը 8,4 հազարով նուազած է՝ 382 հազար 659-էն հասնելով 374 հազար 250-ի։
Փոխարէնը 27,2 տոկոսով աճած է բարեկամներու կամ հարազատներու տուներուն, վարձով տրուող բնակարաններու եւ այլ կացարաններու մէջ մնացածներու թիւը:
Հիմնական աճը Ռուսաստանէն ժամանողներու հաշուոյն է։ Անոնց մասնաբաժինը Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու ընդհանուր թիւին մէջ 37,6 տոկոսէն հասած է 45,7 տոկոսի, իսկ Ռուսաստանի ուղղութենէն զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 18,8 տոկոսով։
Աճ արձանագրուած է նաեւ Եւրոմիութեան երկիրներէն ժամանումներու պարագային։ ԵՄ երկիրներու մասնաբաժինը 14, տոկոսէն հասած է 17,3 տոկոսի։ Առանձին շուկաներէն յատկապէս նկատելի է Հոլանտայէն ժամանումներու աճը՝ 37,8 տոկոսով, Իտալիայէն՝ 26,1 տոկոսով, իսկ ԵՄ միւս երկիրներէն՝ 29,6 տոկոսով։
Միեւնոյն ժամանակ, զգալի անկում արձանագրուած է Իրանէն ժամանումներու պարագային։ Իրանցի զբօսաշրջիկներու թիւը մէկ տարուան ընթացքին նուազած է 50,2 տոկոսով։ Եթէ 2025 թուականի Յունուար-Յունիսին անոնք կազմած էին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու 8,2 տոկոսը, ապա 2026-ի նոյն ժամանակահատուածին այդ ցուցանիշը նուազած է մինչեւ 4,2 տոկոս։
ԱՄՆ-էն ժամանողներու թիւն ալ նուազած է 11,6 տոկոսով, իսկ անոնց մասնաբաժինը՝ 7 տոկոսէն հասած է 6,3 տոկոսի։
2026 թուականի առաջին կիսամեակին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն 58,5 տոկոսը եկած է հանգիստի եւ ժամանցի նպատակով։ Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ ցուցանիշը 56,1 տոկոս էր։ Հանգիստի եւ ժամանցի նպատակով այցելութիւններու թիւը աճած է 1,9 տոկոսով։
Փոխարէնը նուազած է գործնական նպատակով Հայաստան այցելութիւններու թիւը՝ 9,5 տոկոսով։ Այս խումբի մասնաբաժինը ընդհանուր զբօսաշրջային հոսքին մէջ 39,5 տոկոսէն նուազած է մինչեւ 36,6 տոկոս։
Աճած են նաեւ բուժման նպատակով այցելութիւնները՝ 12 տոկոսով, իսկ այլ նպատակներով այցելութիւնները՝ 12,4 տոկոսով։
Միաժամանակ նուազած է նաեւ Հայաստանէն արտերկիր մեկնող զբօսաշրջիկներու թիւը։ 2026 թուականի Յունուար-Յունիսին արտերկիր մեկնած է 686 հազար 277 ՀՀ բնակիչ, որոնք վիճակագրական մեթոտաբանութեամբ կը համարուին զբօսաշրջիկ։ 2025 թուականի նոյն ժամանակահատուածին անոնց թիւը 748 հազար 331 էր։ Այսինքն, արտագնայ զբօսաշրջութիւնը նուազած է 8,3 տոկոսով։
Առաւել զգալի փոփոխութիւն արձանագրուած է զբօսաշրջական գործակալութիւններու միջոցով կազմակերպուող ուղեւորութիւններու պարագային։ Անոնց թիւը 12 հազար 214-էն նուազած է մինչեւ 7 հազար 457՝ 38,9 տոկոսով։
Միեւնոյն ժամանակ, արտերկիր մեկնող զբօսաշրջիկներու գերակշիռ մասը կը շարունակէ ճամբորդութիւնը կազմակերպել ինքնուրոյն․ 2026 թուականի առաջին կիսամեակին այդպէս կազմակերպուած է 678 հազար 820 ուղեւորութիւն։