Փաշինեան Կրկին Խօսած Է Դատաիրաւական Համակարգին Մէջ Փտածութեան Մասին

հեղինակ՝
1 Հոկտեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ յայտնաժ է երկրի դատաիրաւական համակարգին մէջ տիրող փտածութեան մասին: Նման քննադատութեան առիթ դարձած է Հոկտեմբեր 1-ի ճեպազրոյցին հնչած այն հարցումը, թէ իշխանութիւնները պատասխանատուութեան կ՚ենթարկեն քաղաքական ընդդիմադիրները, մինչդեռ գործարքի գացողները ազատութեան մէջ են:

Հակադարձելով այդ դիտարկումին՝ Փաշինեան ընդգծած է, որ բազմաթիւ քաղաքական ընդդիմադիրներ կը գտնուին ազատութեան մէջ, մինչդեռ լրագրողին տրամաբանութեամբ՝ բոլոր ընդդիմադիրները կամ առնուազն անոնց մեծ մասը պէտք է որ բանտին մէջ ըլլային:

«Տեսա՞ք՝ Գագիկ Խաչատրեանի գործով ի՞նչ եղաւ: Ո՞վ պիտի պատասխան տայ: Այն, որ ան այս վիճակին մէջ է (նկատի ունի ազատութեան մէջ ըլլալը) եւ դատարանի վճիռ չկայ, փտածութեան արդիւնք է. չի բացառուիր, որ ան կրնայ համակարգային ըլլալ: Մինչեւ ո՞ր մակարդակը կը հասնի ան: Բոլոր անոնք, որոնք տակաւին ազատութեան մէջ են, փտածութեան արդիւնք է: Իրենց մաֆիոզ կապերով կը լուծեն իրենց հարցերը», — յայտնած է Փաշինեան՝ վերահաստատելով բոլորը ճաղերու ետեւը պահելու իր խոստումը: Անոր խօսքով՝ համակարգային այս փտածութիւնը տակաւին արմատախիլ չէ եղած, քանի որ օրէնսդրութեան համաձայն՝ դատաիրաւական համակարգը անկախ է, իսկ անոր ետեւ թաքնուողները (ակնյայտօրէն՝ դատաւորները) կը պաշտպանեն ոչ թէ պետութիւնը, այլ փտածութեան խմբակները:

«Ինչ-որ X պահի ժողովուրդի համբերութեան բաժակը պիտի լեցուի, եւ անգամ կառավարութիւնը, հաւանական է, չկրնայ պահել իրավիճակը: Որքա՞ն կարելի է ծաղրել: Մէկ տա՞րի, ութ տա՞րի: Յանցագործը պէտք է նստի բանտը, ինծի համար ուրիշ սկզբունք չկայ: Դատաիրաւական համակարգը պէտք է որոշէ՝ ով յանցագործ է, ով՝ ոչ», — ըսած է վարչապետը:

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss