Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը 29 Սեպտեմբերին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի զօրամասերէն մէկու զինուորը անյայտ հանգամանքներու մէջ լքած է ծառայութեան վայրը։ Չէր բացառուած, որ ան կրնար ապօրինի հատած ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը։ Անկէ ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իրաւասու մարմինները իրականացուցած են համապատասխան որոնողական աշխատանքներ։
Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը՝ նշելով, որ 1 Հոկտեմբերին ժամը 14։15-ին ՀՀ ՆԳՆ 112 կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Սիւնիքի մարզի Շաքի բնակավայրին մէջ կրակած են ՀՀ քաղաքացիի ոտքին։
Դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներու խումբեր։ Ձեռնարկուած են անյետաձգելի միջոցառումներ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։
Պարզուած է, որ յանցագործութիւնը կատարած է ատրպէյճանցի զինուորը, որ ձերբակալուած է։
Դէպքին մանրամասնութիւնները ներկայացուած են նաեւ ատրպէյճանական կողմին։
ՀՀ Քննչական կոմիտէին մէջ դէպքին առնչութեամբ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։