1 Հոկտեմբերին Սիւնիքի մարզի Շաքի բնակավայրին մէջ ՀՀ սահմանը հատած ատրպէյճանցի զինուորին կրակոցէն տուժած կնոջ առողջական վիճակը կայուն է, աննկը ստանայ անհրաժեշտ եւ վիճակին համապատասխան ժշկական օգնութիւն, անոր կեանքին սպառնացող վտանգ չկայ։ Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ այս մասին գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը։
«Երեխաներուն առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար։ Ստացած են անհրաժեշտ հոգեբանական եւ բժշկական օգնութիւն»,- նշուած է նախարարին գրառման մէջ։
Անահիտ Աւանէսեանը լրատվամիջոցներում յորդորած է յարգել բուժառուին եւ անոր ընտանիքին անձնական սահմանները, չխախտել անոնց անձնական տարածքը։