Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Աղօթքի նախաճաշ 2026» ժողովի առաւօտեան միջոցառումը, որուն մասնակցեցան Հայաստանէն եւ արտերկրէն աւելի քան 100 բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, պետական այրեր, դիւանագիտական, գործարար եւ հոգեւոր ոլորտներու ներկայացուցիչներ։
Նշանակալի այդ իրադարձութիւնը կազմակերպուած էր «Աշխարհիկ մարդոց հոգեւոր ակումբ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ։ Միջոցառման նպատակն է խթանել երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը՝ անոր հիմքին ունենալով Հայաստանի պատմական, քրիստոնէական ինքնութիւնը, խաղաղութիւնը, բարոյական սկզբունքներու վրայ հիմնուած առաջնորդութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնը։

«Աղօթքի նախաճաշի» հեռահար նպատակն է նաեւ ձեւաւորել տեսլական եւ Հայաստանը դիտարկել որպէս կրօնական ազատութեան եւ բարեկեցութեան ուղղուած առաջատար երկիր, որ ունի հաւատքի, գործընկերութեան, նորարարութեան եւ խաղաղութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւն։
Ներկաները ողջունեց եւ Տէրունական աղօթքով օրհնեց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան Մեսրոպ եպիսկոպոս Սարգիսեանը։

Ելոյթներէն առաջ ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Գեթսեմանի մատուռէն պահպանուած խաչքարի եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան մասին պատմող տեսահոլովակը։
Միջոցառման գլխաւոր ելոյթը վերապահուած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը անոր մասին է, որ Հայաստանը միջազգայնօրէն ճանչցուած իր տարածքով Աւետեաց Երկիրն է, որ Աստուած տուած է մեզի։
«Ասոր համար կան նաեւ հոգեւոր հիմնաւորումներ։ Մեսրոպ Մաշտոցի աճիւնը ամփոփուած է ՀՀ Աշտարակ խոշորացուած համայնքի Օշական գիւղին մէջ, իսկ Խոր Վիրապը, որ մեր քրիստոնէական հաւատքի աղբիւրն է, կը գտնուի ՀՀ Վետի խոշորացուած համայնքի տարածքին մէջ։ Մեր քրիստոնէական հաւատքի մայրաքաղաքը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կեդրոնը՝ մեր սրբութիւն սրբոցը, կը գտնուի ՀՀ Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի Էջմիածին բնակավայրին մէջ։ Այսօրուան ՀՀ-ն մեր քրիստոնէական էութեան արտայայտութիւնն է, մեր Աւետեաց Երկիրն է։ Մենք կը խօսինք մեր երկրի հոգեւոր կեանքի մասին, բայց պէտք է առերեսուինք մի քանի կարեւոր փաստերու»,- ըսաւ Փաշինեան։
Անոր համաձայն՝ առաջին փաստն այն է, որ հայ ժողովուրդը շուրջ 70 տարի ապրած է ԽՍՀՄ-ի մէջ, որ աթէիստական պետութիւն էր եւ ուր «հաւատացեալ» բառը ունեցած է բացասական ընկալում։ Փաշինեանի խօսքով՝ ովքեր կ՚ապաւինէին Աստուծոյ, կը մերժուէին պետութեան կողմէ, հաւատացեալները ԽՍՀՄ-ի մէջ լուսանցքացուած էին ու մեկուսացուած՝ գտնուելով հասարակութեան ետնախորշին մէջ։

«Անկախացումէն ետք այս միտումը գուցէ մեղմացած է, բայց ամբողջութեամբ չէ փոխուած։ Այսօր ալ «հաւատացեալ» բառին մէջ կայ ժխտական իմաստ, որովհետեւ կան հաւատացեալներ եւ կան միւս քաղաքացիները։ Իմ համոզումն այն է, որ ՀՀ քաղաքացին պէտք է հաւատայ Աստուծոյ, որովհետեւ մեր պետութիւնը մեր Աւետեաց Երկիրն է, մեր լեզուն մեր ինքնութեան հենասիւնն է։ Այսօր մեր եկեղեցիներուն եւ այլ վայրերու մէջ կայ հոգեւոր աշխոյժ կեանք, բայց խնդիրն այն է, որ հոգեւոր կեանքը եկեղեցական կեանքն է, եկեղեցւոյ ներսն է հիմնականօրէն, սակայն շատ կարեւոր է, որ այդ հոգեւոր կեանքը դուրս գայ եկեղեցիէն եւ մտնէ փողոց, տուներ, շուկայ, ՏԻՄ-եր, կառավարութիւն, օրէնսդիր, գործադիր, դատական իշխանութիւններ։ Մարդը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ըլլայ շատ աւելի բարեվարք, եթէ կը հաւատայ Աստուծոյ։ Մարդը պակաս խոցելի պիտի ըլլայ ապականութեան վտանգներու նկատմամբ, եթէ կը հաւատայ Աստուծոյ»,- ըսաւ Փաշինեան։
Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ այսօր շատ կը խօսուի արդարութեան եւ արդարադատութեան մասին եւ շեշտեց, որ արդար պիտի ըլլայ այն դատաւորը, որ կը հաւատայ Աստուծոյ, եւ միայն այդ պարագային ան պիտի կայացնէ արդար դատավճիռներ։
«Սա ինծի համար կարեւոր է ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ պետական առումով։ Երբ մենք կը խօսինք արժէքներու մասին, պէտք է հասկնանք, թէ ուրկէ կը բխին այդ արժէքները։ Ժողովրդավարութիւնը գոյութիւն ունեցած է քրիստոնէութենէն առաջ, բայց ժողովրդավարութեան ժամանակակից տեսակը կը բխի Քրիստոսէ։ Երբ քաղաքական գործիչները կ՚երթան քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ՝ մարդոց հետ կիսելով իրենց գաղափարները, անոնք, ըստ էութեան, կը նմանակեն Յիսուս Քրիստոսի գործունէութիւնը։ Թէ որքանով գործիչը իր նմանակումին մէջ անկեղծ է, ատ արդէն անոր եւ Աստուծոյ, անոր եւ ժողովուրդի յարաբերութիւններու հարց է։ Մենք անընդհատ կը փնտռենք զԱստուած, մինչդեռ Սուրբ Գիրքի տողատակերուն մէջ կայ այդ հարցին պատասխանը։ Աստուած մարդուն մէջ է։ Մեծ ու լեցուն հրապարակները տեսնելէ ետք ես եկած եմ այն եզրակացութեան, որ Աստուած, այո՛, ամէն մարդու մէջ է, բայց նաեւ ժողովուրդին մէջ է, որովհետեւ ժողովուրդն է այն մեծութիւնը, որ կրնայ ընդգրկել զԱստուած»,- ըսաւ Փաշինեան։
Ան շեշտեց, որ շատ կարեւոր է, որ ժողովուրդը առնչուի այդ փաստին հետ եւ իր երկիրը ընկալէ որպէս Աստուծոյ կայան։ Փաշինեանի դիտարկումով՝ այդ է այն հենքը, որուն վրայ կարելի է ստեղծել արժէքահէն պետութիւն եւ հասարակութիւն։
«Շատ կը խօսուի քաղաքակրթութեան մասին, որ ժամանակակից քաղաքականութեան տեսքով կ՚առնչուի մարդոց, բայց մենք բոլորս համերաշխութեան կարիք ունինք։ Տարբեր կարգաւորումներու մասին տեսակէտները կ՚ըլլան երբեմն ծայրայեղ տարբեր։ Միակ ձեւն ու տեղը, ուր կրնայ ըլլալ համերաշխութիւն, այդ կարգին նաեւ քաղաքական գործիչներու միջեւ, խօսակցութիւնն է Աստուծոյ եւ հաւատքի մասին, ընդ որում՝ ոչ միայն դաւանաբանական խնդիրներու շուրջ։ «Աղօթքի նախաճաշի» ձեւաչափը կարեւոր է անով, որ ամէն մարդ ազատ է խօսելու Աստուծոյ եւ իր յարաբերութիւններու, իր հոգեւոր զգացումներու, իր փորձի մասին։ Ահա թէ ինչու սա այն տեղն է, ուր կրնայ ըլլալ համերաշխութիւն»,- ըսաւ վարչապետը։
Ան յիշեցուց, որ 3 Հոկտեմբերը նաեւ ՀՀ-ի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու օրն է եւ շեշտեց, որ «Աղօթքի նախաճաշի» ձեւաչափը մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ գալու եւ իրարու հետ աղօթելու՝ անկախ անկէ, թէ ինչպիսին է անոնց հաւատքի դաւանաբանական ուղղութիւնը։
«Ազգային փոքրամասնութիւններու դաւանաբանական վէճերը կը մնան այս ձեւաչափէն դուրս, ինչ որ շատ կարեւոր է Հայաստանի համար։ Միայն հոգեւոր զգացումներու շուրջ կրնայ ըլլալ լիարժէք համերաշխութիւն։ Մենք պէտք է շարունակենք այս ճանապարհը՝ որպէս համերաշխութեան, հաւատքի, միասնութեան եւ լաւատեսութեան ճանապարհ, որովհետեւ հաւատալ Աստուծոյ, կը նշանակէ հաւատալ սեփական ժողովուրդին ու պետութեան, հաւատալ մարդկութեան, հաւատալ ինքդ քեզի»,- ըսաւ Փաշինեան։
Ելոյթին վերջը ՀՀ վարչապետը ընթերցեց 5-րդ սաղմոսը՝ «Աղօթք ապահովութեան համար․ Սաղմոս դպրապետի ու ժառանգորդներու մասին»։