ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան 4-5 Հոկտեմբերին պաշտօնական այց պիտի կատարէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն։
5 Հոկտեմբերին նախարար Միրզոյեան հանդիպումներ պիտի ունենայ իր գործընկերոջ՝ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղչիի, ինչպէս նաեւ երկրի ղեկավար բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։
Այցի օրակարգին մէջ են Հայաստան-Իրան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային նիւթեր։