ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան մասնակցած է ֆրանսահայ գինիի մասնագէտ Արմանդ Մելքոնեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարի բացման արարողութեան։

Յուշաքարի տեղադրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Վայոց Ձորի Աղաւնաձոր համայնքին մէջ՝ «Վարպետներու այգիին» մէջ։ Միջոցառման մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Խաղողի եւ Գինիի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Զարուհի Մուրատեանը, Ֆրանս-հայկական առեւտրարդիւնաբերական պալատի նախագահ Արմանդ Արմէն Մնացականեանը, Հայաստանի առաջին լաւագոյն գինիի մասնագէտ Մարիամ Սաղաթէլեանը եւ այլ հիւրեր։
Արարողութեան ընթացքին հնչեցին ելոյթներ՝ նուիրուած Արմանդ Մելքոնեանի կեանքին, մասնագիտական գործունէութեան եւ միջազգային ժառանգութեան, որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ յուշաքարի բացման արարողութիւնը։
1969 թուականին Արմանդ Մելքոնեան Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Աշխարհի լաւագոյն գինիի մասնագէտի՝ սոմելիէի առաջին մրցոյթին, ներկայացնելով Ֆրանսան, եւ դարձաւ մրցոյթի առաջին յաղթողը։

Association de la Sommellerie Internationale (ASI) կազմակերպութեան կողմէ կայացած մրցոյթը հետագային դարձաւ միջազգային գինիի մասնագիտութեան ոլորտի կարեւորագոյն եւ հեղինակաւոր հարթակներէն մէկը։
ASI-ը մինչեւ օրս Արմանդ Մելքոնեանը կը ճանչնայ որպէս մրցոյթի պատմութեան առաջին ախոյեանը։
«Վարպետներու այգին» ստեղծուեցաւ՝ մեծարելու այն մարդիկը, որոնց տեսլականը, գիտելիքը, նուիրումն ու ձեռքբերումները նպաստեցին հայկական