Միրզոյեան Արաղչիին Ներկայացուցած Է TRIPP-ի Իրականացման Ուղղութեամբ Տարուող Աշխատանքները

հեղինակ՝
5 Հոկտեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում

ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։

Զրուցակիցները հանգամանօրէն քննարկած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման բոլոր հարցերը: Երկուստեք ընդգծուած է յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը, որ արտացոլուած է ՀՀ Կառավարութեան 2026-2031թթ. ծրագրին մէջ եւ իր գործնական արտայայտութիւնը կը գտնէ թէ՛ բարձրագոյն մակարդակով երկխօսութեան շարժընթացին, թէ՛ կարեւոր ծրագրերու իրագործման մէջ:

Արարատ Միրզոյեան եւ Ապպաս Արաղչի քննարկած են շարք մը բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան ծրագրերը, այդ շարքին՝ ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ոլորտներուն մէջ: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Իրան սահմանին երկրորդ կամուրջի կառուցման, ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծի շինարարութեան շուտափոյթ աւարտման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բեռնափոխադրումներու դիւրացման հարցերուն:

Հայաստանի եւ Իրանի նախարարները միտքեր փոխանակած են ապաշրջափակման բերումով ստեղծուող առաւելութիւններու եւ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ծրագրերու շուրջ: Ընդգծուած է Իրանի աջակցութիւնը «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին: Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է TRIPP նախագիծի իրականացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ անոր միջոցով տարածաշրջանային երկիրներուն ընձեռնուող նոր հնարաւորութիւնները:

Անդրադարձ կատարուած է հանրային տեղեկատուութեան ոլորտին մէջ շարունակական փոխգործակցութեան կարեւորութեան, այդ շարքին՝ լրատուական տիրոյթին մէջ անհարկի շահարկումներուն պատշաճ հակազդեցութեան առումով:

Նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ։ Այս առումով, նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի ընթացիկ իրավիճակին՝ կարեւորելով բանակցային ճամբով առկայ խնդիրներու կարգաւորման ուղղուած ճիգերը:

Անդրադարձ կատարուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss