Ճօ Պայտըն իր կանաչ՝ 1967 թուականի Chevrolet Corvette-ը, որուն մէջ նախապէս կը պահուէին գաղտնի փաստաթուղթեր, տարած է Ռոտ Այլընտի ինքնաշարժներու ցուցադրութեան: Այս ինքնաշարժին շուրջ գայթակղութիւն սկսած էր 2023 թուականին, սակայն ամբաստանութիւն չէր առաջադրուած՝ յանցաւոր դիտաւորութեան բացակայութեան պատճառով։
Անոր դուստրը՝ Էշլին, ընկերային ցանցերուն մէջ հրապարակած է լուսանկար, ուր Պայտըն ինքնաշարժին մէջ է։ Լուսանկարը եղած է Նիւփորթի մէջ, ուր տեղի ունեցած է ձեռնարկը, եւ Պայտընի կողքին պատկերուած է ամերիկացի կատակերգու Ճէյ Լենօն։
Նշենք, որ 2023 թուականին Ուաշինկթընի մէջ Ճօ Պայտընի գրասենեակին մէջ՝ անոր անուանական վերլուծական կեդրոնին մէջ, յայտնաբերուած են գաղտնի փաստաթուղթեր։ Խնդիրը այսքանով չէր աւարտած, քանի որ հետագային Տելավեր նահանգի Ուիլմինկթըն քաղաքին մէջ գտնուող անոր ինքնաշարժի կայանման տնակին մէջ յայտնաբերուած են յաւելեալ փաստաթուղթեր։
Համացանցը ողողուած էր Պայտընի կանաչ քապրիոլէի լուսանկարով, որ կայանուած է ինքնաշարժի կայանման տնակին առջեւ՝ բաց դուռին մօտ, որուն ներսը կ՚երեւէին թուղթերով լի ստուարաթուղթէ տուփեր՝ հաւանաբար գաղտնի։