Քաղցկեղի Բուժման Նորարար Մօտեցումներ Հայաստանի Մէջ

հեղինակ՝
5 Հոկտեմբերի 2026
11 ր. ընթերցում

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներուն ներկայացուեցան ուռուցքաբանութեան եւ վերականգնողական բժշկութեան ոլորտի երկու նորարար լուծումներ՝ Photobiomodulation բուժման վերականգնողական սարքաւորում եւ TeleMed թուային յաւելուած, որ կարելիութիւն կու տայ առաջատար արտասահմանեան հիւանդանոցներու ուռուցքաբաններէն ստանալու անկախ բժշկական երկրորդ կարծիք։

Միջոցառումը կազմակերպուած է «Մետ Քէյր Արմենիա»-ի նախաձեռնութեամբ՝ նպատակ ունենալով նորարար լուծումները հասանելի դարձնել հայաստանեան առողջապահական համակարգին։ Հանդիպման կը մասնակցէին հայաստանեան ուռուցքաբաններ, քիմիական բուժման մասնագէտներ եւ առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ։

Ներկայացնելով TeleMed թուային յաւելուածը՝ բժիշկ Համբիկ Ռաֆայէլ Գուրիէն նշեց, որ ան նախատեսուած է ոչ միայն ուռուցքաբանական, այլեւ բժշկական բարդ պարագաներուն երկրորդ մասնագիտական կարծիք ստանալու համար։

«Այս յաւելուածին նորութիւնն այն է, որ երկրորդ կարծիքը հնարաւոր է ստանալ ոչ միայն ուռուցքաբանական, այլեւ բժշկական բարդ պարագաներու համար։ Եթէ, օրինակ, հիւանդը կ՚ուզէ ստանալ Ամերիկայի կամ Եւրոպայի առաջատար կեդրոնի մասնագէտի կարծիքը, ան կրնայ զայն ընել առցանց։ Հիւանդը կամ բժիշկը համակարգին մէջ կը տեղադրէ հիւանդին վերաբերեալ անհրաժեշտ ամբողջ տեղեկատուութիւնը՝ հետազօտութիւններու արդիւնքները, փաստաթուղթերը եւ բժշկական տուեալները։ Անկէ ետք մասնագէտները կը ներկայացնեն իրենց կարծիքը եւ բուժման հնարաւոր տարբերակները»,- ըսաւ ան։

Մասնագէտին խօսքով՝ հարթակի մասնագիտական ցանցին մէջ ընդգրկուած են տարբեր երկիրներու մասնագէտներ, այդ կարգին՝ Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Զուիցերիայէն եւ ԱՄՆ-էն։

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Photobiomodulation բուժումը, որ, մասնագէտներու խօսքով, կրնայ կիրարկուիլ ուռուցքաբանական բուժման հետեւանքով յառաջացած կողմնակի ազդեցութիւններու եւ թունաւորութեան նուազեցման նպատակով։

Բժիշկ Ֆուատ Գերպաժ նշեց, որ Photobiomodulation-ը Հայաստանի մէջ կը ներկայացուի առաջին անգամ եւ բժշկութեան մէջ կիրարկուող նորարար ճարտարագիտութիւն է։

«Ասիկա նորարար ձեւակերպ է, որ կը կանխարգիլէ եւ կը բուժէ քաղցկեղի բուժման հետեւանքով յառաջացած կողմնակի ազդեցութիւնները՝ ճառագայթային բուժման, քիմիական եւ դիմադրողական բուժման պարագային»,- ըսաւ ան։

Գերպաժի խօսքով՝ Photobiomodulation-ը կը կիրարկուի նաեւ բժշկութեան այլ ոլորտներու մէջ, այդ կարգին՝ կանացի հիւանդութիւններու, ոսկրաբանութեան եւ ատամնաբուժութեան մէջ։ Ան շեշտեց, որ բուժման առանձնայատկութիւններէն մէկը կողմնակի ազդեցութիւններու բացակայութիւնն է։ Ան կ՚իրականացուի կարմիր եւ ենթակարմիր լոյսի միջոցով՝ ուղղուած ախտահարուած հատուածին։

Մասնագէտին խօսքով՝ մէկ քայլափոխը սովորաբար կը տեւէ 5-15 վայրկեան՝ կախուած թունաւորութեան աստիճանէն։ Միջին հաշուով ան կ՚իրականացուի շաբաթական երեք անգամ՝ 4-6 շաբթուան ընթացքին։

Ան աւելցուց, որ տարբեր հետազօտութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան Photobiomodulation-ի արդիւնաւէտութիւնը թունաւորութեան եւ կողմնակի ազդեցութիւններու նուազեցման, ցաւի կառավարման, վէրքերու լաւացման եւ հակաբորբոքային ազդեցութեան ուղղութեամբ։ Անոր խօսքով՝ ուսումնասիրութիւններուն մէջ արձանագրուած է մօտ 60 տոկոս բարելաւում նշուած ուղղութիւններով։

«Երբ մենք կը նուազեցնենք թունաւորութիւնն ու կողմնակի ազդեցութիւնները, բուժառուին կարելիութիւն կու տանք անցնելու բուժման ամբողջ փուլերէն։ Քանի որ կողմնակի ազդեցութիւններու պարագային երբեմն կը նուազեցնեն դեղաչափը կամ կը դադրեցնեն բուժումը, իսկ այս պարագային հնարաւոր է շարունակել անհրաժեշտ բուժումը ամբողջութեամբ»,- շեշտեց բժիշկը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss