ՀՀ ԱԺ Նախագահը Շաքիի Մէջ Ատրպէյճանցի Զինուորի Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցած Միջադէպը Որակած Է Յանցագործութիւն

հեղինակ՝
6 Հոկտեմբերի 2026
8 ր. ընթերցում
RA National Assembly session took place

Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Շաքիի մէջ ատրպէյճանցի զինուորի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջադէպը որակած է յանցագործութիւն՝ միաժամանակ կարեւորելով ատրպէյճանական կողմին՝ զինուորին կորուստին մասին հայկական կողմին տեղեկացնելու հանգամանքը։ Անոր գնահատումով՝ խաղաղութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ նման հաղորդակցութիւն պիտի չըլլար։

Ռուբինեան այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի 6 Հոկտեմբերի նիստին՝ պատասխանելով «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիաննա Ղահրամանեանի հարցումին։

Պատգամաւորը հետաքրքրուած է՝ արդեօք ԱԺ նախագահը պատրա՞ստ է, որպէս «խաղաղութեան գործընթացը խնամող» քաղաքական ուժի ներկայացուցիչ յստակ քաղաքական դիրքորոշում յայտնել Շաքիի մէջ տեղի ունեցածին վերաբերեալ։

Ղահրամանեան շեշտած է, որ խօսքը միայն սահմանը ապօրինի հատելու մասին չէ․ զինուած ատրպէյճանցի զինուորը մուտք գործած է Հայաստանի քաղաքացիի տուն, կրակած է կնոջ վրայ, տուժած են նաեւ երեխաները։ Պատգամաւորը տեղի ունեցածը գնահատած է որպէս խաղաղութեան գործընթացը խաթարող գործողութիւն։

Ի պատասխան՝ Ռուբինեան նշած է, որ տեղի ունեցածը յանցագործութիւն է․

«Ի հարկէ, տեղի ունեցածը յանցագործութիւն է։ Մարդը, եթէ կը մտնէ մէկուն տուն, կը կրակէ, յանցագործութիւն է։ Նկատա՞ծ էք, որ մեղադրանք առաջադրուած է, որ ձերբակալուած է»։

ԱԺ նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ տուեալ զինուորը, ըստ երեւոյթին, խախտած է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ատրպէյճանի օրէնքները՝ ապօրինի լքելով ծառայութեան վայրը։

Արձագանգելով պատասխանին՝ Ղահրամանեան պարզաբանած է, որ կ՚ակնկալէ քաղաքական, այլ ոչ թէ քրէաիրաւական գնահատական։ Ան կրկնած է հարցումը՝ շեշտելով նման միջադէպերու ազդեցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին վրայ։

«Քաղաքական գնահատականը հետեւեալն է՝ տեղի ունեցած է յանցագործութիւն Հայաստանի սահմանը ապօրինի հատած ատրպէյճանցի զինուորին կողմէ։ Հիմա՝ արդեօք վա՞տ է, որ յանցագործութիւն տեղի ունեցած է․ ի հարկէ, շատ վատ է։ Արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, որ ասիկա կրնայ վատ ընկալուիլ, ընդ որում՝ խաղաղութեան տեսանկիւնէն․ պատասխանն է՝ այո։ Արդեօք լա՞ւ է, որ ատրպէյճանական կողմը երբ տեսած է, որ իրենց զինուորը կորսուած է եւ ենթադրած է, որ կրնայ ներխուժած ըլլալ Հայաստան, տեղեկացուցած է հայկական կողմին․ այո՛, շատ լաւ է։ Եթէ խաղաղութիւն չըլլար, ատիկա տեղի պիտի չունենար»,- պատասխանած է Ռուբինեան։

Ան անդրադարձած է նաեւ նախապէս տեղի ունեցած նման դէպքերուն՝ ընդգծելով Շաքիի միջադէպին հետ տարբերութիւնը։

«Ըսեմ աւելին՝ մինչեւ այս իրադարձութիւնը բազմաթիւ դէպքեր եղած են, երբ ե՛ւ մեր կողմէն զինուոր յայտնուած է իրենց մօտ, ե՛ւ իրենց կողմէն զինուոր յայտնուած է մեր մօտ եւ, փառք Աստուծոյ, առանց որեւէ միջադէպերու։ Իրար տեղեկացուցած, վերադարձուցած են»,- նշած է ԱԺ նախագահը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss