Ֆրանսայի մէջ երկրորդական դպրոցներու հազարաւոր աշակերտներ 6 Հոկտեմբերին կրկին շրջափակած են իրենց դպրոցները։ Մեծահասակներն ալ միացած են անոնց՝ զօրակցելու շաբաթներէ իվեր շարունակուող շարժման։ Լիոնի եւ Սթրազպուրկի մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, իսկ Փարիզի մէջ կը սպասուի ցոյցերուն մինչեւ 40.000 մարդու մասնակցութիւն։
Կը նշուի, որ Ֆրանսայի 3700 երկրորդական դպրոցներէն 891-ին մէջ դասերը ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն չեղարկուած են՝ «տարբեր պատճառներէ ելլելով»։
Ըստ Երկրորդական դպրոցներու աշակերտներու միութեան՝ արգելափակուած եւ փակուած է 1800 դպրոց։ Որոշ պարագաներու տեղական իշխանութիւնները փորձած են դասերը կատարել առցանց։
Ըստ երկրի Ներքին գործերու նախարարութեան՝ տարբեր քաղաքներու մէջ 86.000 մարդ կը մասնակցի ցոյցերուն։ Այս թիւը չի ներառեր Փարիզի ցուցարարները։
Ֆրանսայի երկրորդական դպրոցներու աշակերտները կը բողոքեն ուսուցիչներու յաճախակի բացակայութիւններուն, ուսումնական օրուան չափազանց երկար տեւողութեան, դպրոցական շէնքերու անմխիթար վիճակին եւ կրթական համակարգին հետ կապուած այլ խնդիրներու դէմ։ Բողոքի շարժումը սկսած է 17 Սեպտեմբերին։