Պաքուն եւ Երեւանը Պիտի Որոշեն «3+3» Ձեւաչափով ԱԳ Նախարարներու Նոր Հանդիպման Վայրը. ՌԴ ԱԳՆ

հեղինակ՝
7 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու յաջորդ նիստի կայացման վայրը պէտք է որոշեն Ատրպէյճանն ու Հայաստանը, Ռուսաստանը պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ ԱՊՀ չորրորդ վարչութեան տնօրէն Միխայիլ Քալուկինը։

«Այն հարցին շուրջ, թէ ուր պիտի կայանայ «3+3»-ի մասնակից երկիրներու նախարարներու յաջորդ նիստը, այժմ պէտք է որոշում կայացնեն Պաքուն եւ Երեւանը։ Պատրաստ ենք գործընկերներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու»,- ըսած է Քալուկին, որ նաեւ նշած է ձեւաչափին մէջ գործնական փոխգործակցութեան ընդլայնման մասին։

Մասնաւորապէս, Յունիսին Սան Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովին մեկնարկած է «3+3»-ի փորձագիտական «ուղին», որուն մասնակցած են քաղաքագէտներ տարածաշրջանի բոլոր վեց երկիրներէն, այդ շարքին՝ Վրաստանէն։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss