ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէէն տեղեկացուցած են, որ Հայաստանը առաջադրուած է «Աշխարհի առաջատար ժառանգութեան ուղղութիւն 2026» հեղինակաւոր անուանակարգին մէջ՝ հնարաւորութիւն ստանալով արժանանալու միջազգային զբօսաշրջութեան ոլորտի ամենաբարձր ճանաչումներէն մէկուն։
Հայաստանի հարուստ պատմութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնն ու հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող աւանդոյթները այսօր եւս մէկ անգամ ներկայացուած են համաշխարհային զբօսաշրջային հարթակին վրայ։
Քուէարկութիւնը բաց է մինչեւ 30 Հոկտեմբեր։
«Քուէարկեցէ՛ք Հայաստանի օգտին՝ անցնելով հետեւեալ յղումով՝
https://www.worldtravelawards.com/vote»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։