ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Քաթարի Պետութեան դեսպան Մանսուր Ապտուլլա Սաատ Ալ-Սուլայթին։
Նախարարը քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ փոխադրութեան համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները, այդ կարգին՝ ինքնաշարժով ուղեւորներու եւ բեռներու միջազգային փոխադրումներու մասին համաձայնագրի ստորագրման գործընթացը եւ օդային հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացումը։
Նախարարը կարեւորած է երկկողմ օդային կապերու ընդլայնումը։
Քննարկուած է նաեւ Քաթարի փորձը ջրային պաշարներու կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ոլորտին մէջ։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն։