Ատրպէյճանցի Զինուորը Ձերբակալութեան Պահուն Դիմադրութիւն Ցոյց Չէ Տուած. Փաշինեան

հեղինակ՝
7 Հոկտեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

1 Հոկտեմբերին Սիւնիքի մարզի Շաքի բնակավայրին մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցի զինուորը, չնայած իր մօտ եղած հրազէնին, ձերբակալութեան պահուն դիմադրութիւն ցոյց չէ տուած։ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Ատրպէյճանցի զինուորը, որուն ձեռքին հրազէն եղած է, ձերբակալութեան պահուն դիմադրութիւն ցոյց չէ տուած ընդհանրապէս։ Ինչքան կը հասկնամ՝ նաեւ որոշակի վնասուածքներ ունեցած եղած է, եւ գուցէ նաեւ այդ է պատճառը, որ ինչ-որ յստակ քատրեր չեն հրապարակուած»,- ըսած է վարչապետը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss