Իրան Պէտք Է Կրճատէ Ուրանի Հարստացման Իր Հզօրութիւնը Պատերազմը Դադրեցնելու Համար. Վենս

հեղինակ՝
7 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս յայտնած է, որ Իրան պէտք է «էականօրէն» կրճատէ ուրանի հարստացման իր հզօրութիւնը՝ Ուաշինկթընի պահանջները բաւարարելու եւ եօթնամսեայ պատերազմը դադրեցնելու համար: 

«Եթէ չէք ուզեր միջուկային զէնք ունենալ, ապա ինչո՞ւ ձեզի պէտք է մինչեւ 60% հարստացուած ուրանը։ Եւ եթէ կ՚ուզէք ցոյց տալ ձեր յանձնառութիւնը միջուկային զէնք չմշակելու հարցին մէջ, մի՛ արտադրէք բարձր հարստացուած ուրան։ Սա հիմնական հարցն է եւ ամէն ինչի բանալին»,- ըսած է Վենս։

ԱՄՆ դարձեալ բաց է համաձայնագրի կնքման համար, սակայն Իրանէն յստակ զիջումներ պիտի պահանջէ միջուկային ոլորտին մէջ՝ աւելցուցած է փոխնախագահը: Անոր խօսքով՝ որեւէ համաձայնագիր Իրանէն պիտի պահանջէ ուրանի հարստացման հզօրութեան կրճատում, եւ ոչ միայն վստահեցումներ միջուկային ծրագրերու հետագայ կրճատման վերաբերեալ:

ԱՄՆ փոխնախագահը միաժամանակ նշած է, որ իրավիճակը կը բարդանայ անորոշութեամբ, թէ ով ճիշդ որոշումներ կը կայացնէ Թեհրանի մէջ։ Միացեալ Նահանգները բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի եւ արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ, բայց յստակ չէ, թէ որքան լայն են անոնց լիազօրութիւնները Իրանի քաղաքական համակարգին մէջ, մանաւանդ՝ երկրի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի մահէն ետք։

Ի պատասխան ամերիկեան կողմի այդ յայտարարութիւններուն՝ Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Էսմայիլ Պաղայի յայտնած է. «Ամերիկացի պաշտօնեաները լաւ գիտեն, թէ Իրանի մէջ ինչպէս կը գործէ որոշումներու կայացման համակարգը: Խնդիրը ամերիկացի պաշտօնեաներու հակասական դիրքորոշումներն ու երկիմաստ յայտարարութիւններն են»:

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss