ՖԻՖԱ-ն հրապարակած է ազգային հաւաքականներու դասակարգման վարկանշային թարմացուած աղիւսակը։
Հայաստանի ազգային հաւաքականը Ազգերու լիկայի 4 խաղերէն ետք դասակարգման աղիւսակին մէջ 108-րդն է։ Հաւաքականը նախորդ դասակարգման աղիւսակին համեմատ նահանջած է մէկ հորիզոնականով։
Ցանկը կը գլխաւորէ աշխարհի գործող ախոյեան Սպանիան։ Երկրորդ տեղը Արժանթինն է, իսկ եռեակը կ՚եզրափակէ Ֆրանսան։