ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Թուրքմենիստանի մէջ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ հանդիպման հնարաւորութեան՝ նշելով, որ մէկ ամիս առաջ ե՛ւ Փութինի, ե՛ւ Ալիեւի հետ հանդիպած է։
«Այդ ձեւաչափն այնպիսին է, որ վստահաբար շփումներ պիտի ըլլան ե՛ւ Ռուսաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ։ Այսինքն՝ այսօր, վաղը միասին նոյն տարածքին մէջ պիտի ըլլանք, եւ այդ ձեւաչափերուն մէջ շփումներ կ՚ըլլան միանշանակ։ Բայց պաշտօնապէս հանդիպում նախատեսուած չէ։ Եթէ յանկարծ ընթացքին պարզուի, որ անհրաժեշտութիւն կայ, գուցէ այդ ալ հնարաւոր ըլլայ։ Բայց շփումներ պիտի ըլլան»,- ըսած է ան։