ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան մասնակցած է Երեւանի մէջ կայացող Միջազգային առեւտուրի եւ ներդրումներու համաժողովին՝ հանդէս գալով բացման խօսքով։
Իր ելոյթին մէջ նախարարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնած է համաժողովի կազմակերպիչներուն՝ ընդգծելով միջազգային գործընկերները, առեւտրային ցանցերու ներկայացուցիչները եւ ՀՀ գործարար շրջանակները մէկ հարթակի վրայ համախմբող նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը։
Վահան Կոստանեան շեշտած է, որ արտահանման շուկաներու բազմազանեցումը ՀՀ կառավարութեան առանցքային առաջնահերթութիւններէն է՝ կարեւորելով հայկական ընկերութիւններու համար նոր շուկաներու հասանելիութեան ընդլայնումն ու արտահանման ներուժի աւելի լիարժէք իրացումը։