Աշխատանքային այցով Թուրքմենիստան մեկնած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ երկրի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովի հետ:
Վերջինս ողջունեց ՀՀ վարչապետին այցը եւ կարեւորեց երկկողմ համագործակցութեան զարգացումը տարբեր ուղղութիւններով:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ աւելցուց, որ ՀՀ Կառավարութիւնը շահագրգիռ է ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումով ու խորացումով:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Թուրքմենիստան յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող տարբեր հարցերու շուրջ: