8 Օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթաժողովին ԱՄՆ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ պատմական դեր խաղացած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան յառաջխաղացման գործին մէջ։ Այս մասին ըսուած է X ընկերային ցանցին վրայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրապարակումին մէջ։
Հրապարակումին մէջ կը նշուի․ «Ի նշան խաղաղութեան գործընթացին մէջ անոր նշանակալի ներդրումին՝ իմ նախաձեռնութեամբս Ատրպէյճանն ու Հայաստանը նախագահ Թրամփը համատեղ առաջադրած են Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի։
Մենք անկեղծօրէն կը յուսանք, որ նախագահ Թրամփի պատմական ջանքերը՝ ուղղուած մեր տարածաշրջանին մէջ ամուր խաղաղութիւն ապահովելու, արժանի գնահատանքի պիտի արժանանան այս տարի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի վերաբերեալ որոշում կայացնելու ատեն»։