Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան կարգադրութիւն ստորագրած է, որով հաստատուած է «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ շարք մը հոգեւորականներու գործունէութեան արդիւնքով եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ճգնաժամի եւ անոր արդիւնքով հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին, անոր ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բացառիկ առաքելութեան չկատարման խնդիրները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի կազմը»։
Յանձնաժողովը կազմուած է ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներէ։
Յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Արման Եղոյեանը, անդամներ՝ Էտուարտ Աղաճանեանը, Տարօն Չախոյեանը, Արփինէ Դաւոյեանը, Ալխաս Ղազարեանը, Ծովինար Վարդանեանը, Գոռ Արշակեանը։
Նշենք՝ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները յայտարարած են, որ պիտի չմասնակցին քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն։