ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արման Խոջոյեան ընդունած է Օմանի Սուլթանութեան SABCO Group ընկերութիւններու խումբի ներկայացուցիչ, խումբին մաս կազմող «Հանքային ջուրերու ազգային ընկերութեան» գլխաւոր տնօրէն Սամիր Ալ-Պալուշը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայկական վերամշակուած արտադրանքը Օմանի շուկայ արտահանելու եւ շուկային մէջ անոնց երկարաժամկէտ ներկայացուածութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ Օմանը՝ որպէս լոկիսթիք հանգոյց օգտագործելու հնարաւորութիւնները։
Արման Խոջոյեան նշած է, որ արտահանման շուկաներու բազմազանեցումը ՀՀ կառավարութեան առանցքային առաջնահերթութիւններէն է, եւ Հայաստանը մեծ ներուժ ունի՝ դառնալու յուսալի գործընկեր նաեւ Օմանի համար:
Կողմերը վստահութիւն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները գործնական քայլեր ձեռնարկելու ամուր հիմք պիտի հանդիսանան՝ նպաստելով երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման։