Հայաստանի Եւ Սպանիոյ Միջեւ Համագործակցութիւնը Պիտի Շարունակէ Խորանալ. Նիկոլ Փաշինեան

հեղինակ՝
12 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սպանիոյ Թագաւորութեան կառավարութեան նախագահ Փետրօ Սանչեզ Փերես-Քասթեխոնին՝ Ազգային տօնի առիթով: Ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Սպանիոյ ժողովուրդը՝ Սպանիոյ ազգային տօնի առիթով։

Ջերմութեամբ կը յիշեմ այս տարուայ Մայիսին Երեւանի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի ծիրին մէջ կայացած մեր հանդիպումը։

Գոհունակութեամբ կ՚արձանագրեմ Հայաստանի եւ Սպանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու դրական շարժընթացը եւ մեր կառավարութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած կառուցողական գործընկերութիւնը։ Առանձնայատուկ կը կարեւորեմ նաեւ Հայաստանի եւ Սպանիոյ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը Եւրոպական միութեան շրջանակներուն մէջ՝ ի նպաստ Հայաստան–ԵՄ գործընկերութեան հետագայ խորացման։

Վստահ եմ, որ համատեղ ճիգերով Հայաստանի եւ Սպանիոյ միջեւ համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմ, թէ՛ բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ պիտի շարունակէ խորանալ՝ նպաստելով քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման, տնտեսական համագործակցութեան զարգացման եւ բազմաոլորտ կապերու հետագայ ընդլայնման։

Վերստին կը շնորհաւորեմ Ձեզ այս նշանակալի օրուան առիթով՝ մաղթելով ամենայն բարիք, իսկ Սպանիոյ բարեկամ ժողովուրդին՝ բարօրութիւն եւ խաղաղութիւն»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss