Անտրէա Պոչելլին Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Մխիթարեանին

հեղինակ՝
12 Հոկտեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

Իտալացի համաշխարհային հռչակ ունեցող օփերային երգիչ Անտրէա Պոչելլին տեսաուղերձ ղրկած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ, Միլանի «Ինթեր»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով նուէրի համար։

Տեսանիւթին մէջ «Ինթեր»ի երկրպագու Պոչելլին ձեռքին մէջ կը պահէ ֆութպոլիստի մարզաշապիկը։

«Սիրելի՛ Միքի, նոր ստացայ այս հրաշալի մարզաշապիկը։ Շատ շնորհակալ եմ եւ քեզի ամենայն բարիք կը մաղթեմ։ Մինչեւ հանդիպում»,– ըսած է երգիչը։

Յիշեցնենք, որ Հենրիխ Մխիթարեանը «Ինթեր»ի շարքերէն կը խաղայ 2022 թուականէն։

ԱնցնիլՎեր