Եւրոմիութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ Լիբանանի անվտանգութեան ուժերուն աջակցող առաքելութեան ստեղծման: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ առաքելութիւնը պիտի աշխատի Լիբանանի զինեալ ուժերուն եւ ներքին անվտանգութեան ուժերուն կարողութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ ծովային անվտանգութեան կառավարման համակարգի զարգացման: Առաքելութիւնը նախատեսուած է Լիբանանի ինքնիշխանութեան, պետական հաստատութիւններուն եւ երկրին մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան ամրապնդման նպաստելու համար։ Անոր սկզբնական մանտաթը պիտի ըլլայ երեք տարի։
Առաքելութիւնը պիտի ընդգրկէ երկու բաղադրիչ՝ ռազմական եւ քաղաքացիական, որոնք պիտի գործեն մէկ քաղաքական մանտաթի ծիրին մէջ՝ կատարելով փոխլրացնող առաջադրանքներ։ Ռազմական բաղադրիչը պիտի կեդրոնանայ Լիբանանի զինեալ ուժերուն խորհրդատուական աջակցութիւն տրամադրելու վրայ՝ ցամաքային սահմաններու պաշտպանութեան ու ծովային անվտանգութեան ապահովման ոլորտներուն մէջ: Մասնաւորապէս, կը նախատեսուի աջակցիլ սահմաններու հսկողութեան եւ վերահսկողութեան, հետախուզական կարողութիւններու զարգացման, դիտարկման եւ հետախուզման, մաքսանենգութեան դէմ պայքարին եւ գործառնական համակարգման կատարելագործման:
Քաղաքացիական բաղադրիչը պիտի կեդրոնանայ ներքին անվտանգութեան ուժերու կարողութիւններու ամրապնդման վրայ։ Ան կը նախատեսէ խորհրդատուական օգնութիւն եւ մասնագիտացուած վերապատրաստում, այդ կարգին՝ համացանցային յանցագործութեան եւ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ աշխատակիցներու մասնագիտական վերապատրաստման կայուն մեխանիզմներու զարգացում:
Առաքելութեան առանձին ուշադրութեան կեդրոնին է նաւահանգստային անվտանգութեան կառավարման համակարգերու բարելաւումը, այդ կարգին՝ Պէյրութի նաւահանգիստը։ Աւելին՝ Եւրոմիութեան առաքելութիւնը պիտի լրացնէ Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամի միջոցով տրամադրուող օգնութիւնը եւ պիտի համակարգէ գործունէութիւնը Եւրոմիութեան հաստատութիւններուն, անդամ պետութիւններուն, ՄԱԿ-ի եւ Լիբանանի անվտանգութեան ոլորտին աջակցող միւս միջազգային գործընկերներուն հետ։