Արարատ Միրզոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Գերմանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար Եոհան Վատեֆուլի Հետ

հեղինակ՝
13 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Վարշաւայի անվտանգութեան համագումարի ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Յոհան Վատեֆուլի հետ։ 

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Գերմանիա ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի իրականացման ընթացքը՝ կարեւորելով անոր մէջ արձանագրուած ոլորտներուն մէջ յստակ ծրագրերու միջոցով արդիւնքի ուղղուած համագործակցութիւնը:

Նախարարները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Գերմանիա առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն: Գոհունակութեամբ ընդգծուած է դէպի Գերմանիա հայկական արտադրութեան ապրանքներու արտահանման դրական շարժընթացը, որու աւելի աշխուժացման կրնան նպաստել ԵՄ-ի կողմէ ընդունուած ինքնավար առեւտրային միջոցները: Այս ծիրին մէջ Արարատ Միրզոյեան բարձր գնահատած է ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան խորացման գործընթացին մէջ Գերմանիոյ շարունակական զօրակցութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան եւ Յոհան Վատեֆուլ միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ: Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ փոխկապակցուածութեան եւ համագործակցութեան խթանման ուղղուած աշխատանքներու ընթացքը: 

Անդրադարձ կատարուած է ենթակառուցուածքներու ցանցի զարգացման եւ ուժանական դիմակայունութեան բարձրացման ուղղուած յստակ քայլերուն:

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss