Սինանեան Կ՚ընդունի Հալէպի Ճինիշեան Եւ Գարագէօզեան Հիմնարկութիւններու Տնօրէնը

հեղինակ՝
14 Հոկտեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ընդունած է Հալէպի Ճինիշեան եւ Գարագէօզեան հիմնարկութիւններու տնօրէն Լանա Պոյնարեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է հալէպահայ համայնքին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ համայնքին մէջ իրականացուող առողջապահական, ընկերային եւ կրթական ծրագրերը։

Անդրադարձ կատարուած է համայնքի կարիքներուն, իրականացուող ծրագրերու ընթացքին եւ հայ համայնքի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ոլորտներուն մէջ աջակցութեան շարունակականութեան կարեւորութեան։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss