Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Սահմանը Փակ Ըլլալը Անտրամաբանական Է. Մուրատ Օնայ

հեղինակ՝
14 Հոկտեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում

12 Հոկտեմբերէն մեկնարկած է «Հայաստան-Թուրքիա լրատուական շրջագայութիւնը», որուն կը մասնակցին հայ եւ թուրք լրագրողներ։ Ան կազմակերպուած է «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման. անդրսահմանային կապերու ամրապնդում» ծրագրի ծիրէն ներս։

Հայկական կողմէ զայն կ՚իրականացնեն «Եւրասիա» համագործակցութեան հիմնադրամը եւ «Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութիւնը», իսկ թրքական կողմէ՝ «Թուրքիոյ տնտեսական քաղաքականութեան հետազօտութիւններու (TEPAV) հիմնադրամը» եւ «Հրանդ Տինք» միջազգային հիմնադրամը Եւրոմիութեան աջակցութեամբ։

Ծրագրի ծիրէն ներս հայ եւ թուրք լրագրողներ այցելած են Պոլսոյ Ումրանիէ շրջանին մէջ գտնուող արդիւնաբերական գօտի (Dudullu), ծանօթացած հոն գործող ընկերութիւններու գործունէութեան եւ հանդիպած կառավարման խորհուրդի նախագահ Պահրի Մուրատ Օնայի հետ։

Ermenihaber-ի հետ զրոյցին Մուրատ Օնայ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ու սահմանի հաւանական բացման։

Օնայ նշած է, որ երբ բացուի հայ-թրքական սահմանը, երկու երկիրներու արդիւնաբերական ընկերութիւնները կրնան համագործակցիլ։ Բայց նախ եւ առաջ պէտք է ուսումնասիրուին ու բացայայտուին երկու երկիրներուն ներուժը, թերութիւն կամ առաւելութիւն ունեցող կողմերը։ Ան կարծիք յայտնած է, որ երկուստեք կարելի է շատ լաւ համագործակցութիւն ստեղծել։

Մուրատ Օնայ նաեւ նշած է, որ Dudullu-ի արդիւնաբերական գօտիի ընկերութիւնները պատրաստ են հայկական ընկերութիւններու հետ համագործակցելու։

«Մենք ասոր մէջ որեւէ սահմանափակում չունինք, այսինքն՝ եթէ սահմանները բացուին Հայաստանի հետ, մեզի համար կրնայ շատ լաւ համագործակցութիւն ըլլալ, քանի որ մեր հարեւանն է»։

Օնայ ընդգծած է, որ կառավարութիւնները պիտի բանան այս ճամբան։ Անոր համաձայն՝ ժողովուրդներուն միջեւ խնդիր չկայ, ու աւելցուցած է, որ արդիւնաբերողներուն միջեւ ալ խնդիր չկայ։

Օնայի բնորոշումով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին փակ ըլլալը անտրամաբանական է, եւ անոր բացումը անհրաժեշտութիւն է։ Անոր համոզումով՝ երկու ժողովուրդներն ալ ունին դարաւոր կապեր, ուստի սահմանները պէտք է բացուին։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss