ՄԱԿ-ի Դրօշի Բարձրացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն Երեւանի Մէջ

հեղինակ՝
14 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

«ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին» դաշնագրի կողմերու 17-րդ համաժողովին (COP17) ընդառաջ՝ «Մերիտիան» էքսփօ կեդրոնի տարածքին մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան դրօշի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Արարողութեան մասնակցած են շրջակայ միջավայրի նախարար Համբարձում Մաթեւոսեանը, «ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին» դաշնագրի գործադիր քարտուղար Ասթրիտ Շոմէյքըրը, Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Ֆրանսուազ Ժաքոպը, գործընկերներ պետական գերատեսչութիւններէ եւ միջազգային կառոյցներէ։

ՄԱԿ-ի դրօշի բարձրացումը կը խորհրդանշէ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու կարեւոր փուլը՝ ընդգծելով Հայաստանի՝ որպէս հիւրընկալող երկրի, եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան համագործակցութիւնը կենսաբազմազանութեան պահպանութեան միջազգային օրակարգի յառաջմղման գործին մէջ։

19-30 Հոկտեմբերին Երեւան պիտի հիւրընկալէ COP17-ը՝ միաւորելով աշխարհի տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները՝ գնահատելու կենսաբազմազանութեան պահպանութեան ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը եւ քննարկելու հետագայ համատեղ գործողութիւնները։

Համաժողովի ընթացքին «Մերիտիան» էքսփօ կեդրոնի Կապոյտ գօտիին մէջ պիտի գործեն ՄԱԿ-ի համաժողովներու կազմակերպման համար սահմանուած համապատասխան ընթացակարգերը եւ ապահովութեան կանոնները։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss