Սեպտեմբերին Հայաստան Այցելած Է 290.016 Զբօսաշրջիկ

հեղինակ՝
14 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէն ներկայացուցած է 2026 թուականի Սեպտեմբերին դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը։

2026 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստան այցելած է 290.016 զբօսաշրջիկ։

2026 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին դէպի Հայաստան աւելի շատ զբօսաշրջային այցելութիւններ արձանագրուած են Ռուսաստանէն (40%), Վրաստանէն (14%) եւ Իրանէն (8%)։

Ներկայացուած են նաեւ 2026 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին դէպի Հայաստան զբօսաշրջային առաւել շատ այցելութիւններ արձանագրած երկիրներու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները՝ ՀՀ սահմանային անցման կէտերով այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային այցելութիւնները՝ ըստ սեռի եւ տարիքի։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss