Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Փիրս Մորկընի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ինքզինք դաւաճանուած կը զգայ ԱՄՆ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի կողմէ։ Զելենսքի նաեւ նշած է, որ չ՚ընդունիր Ուքրանիոյ վերաբերեալ գործարքի՝ Թրամփի առաջարկած հայեցակարգը։
«Մենք մեր երկիրը չենք ծախեր։ Ասիկա մեր տունն է, հոս են մեր զաւակները, եւ ճիշդ այդ պատճառով ասիկա այդքան կարեւոր է մեզի համար»,- ըսած է Զելենսքի։