Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին մետաղադրամներէն մէկը, որ հատուած է Ճորճ Ուաշինկթընի նախագահութեան օրօք, աճուրդով ծախուեցաւ գրեթէ 2,93 միլիոն տոլարով՝ սահմանելով նոր մրցանիշ։ Դրամը հատուած է 1792 թուականին, ան հինգ սենթնոց է, Ռոնալտ Ֆիրմընի հաւաքածոյին մասն էր եւ աճուրդի ընթացքին ստացած է 66 գնառաջարկ։
Աճուրդի տան հաղորդմամբ՝ այս մետաղադրամը կը համարուի ամերիկեան դրամագիտական պատմութեան ամենանշանակալի նմոյշներէն մէկը։
Աճուրդի գործադիր տնօրէն Թոտ Իմհոֆի խօսքով՝ արձանագրուած գինը կը համապատասխանէ դրամին բացառիկ նշանակութեան ամերիկեան դրամագիտութեան մէջ։
Մետաղադրամին մէջտեղը պատկերուած է Ազատութեան կիսանդրին, որուն շուրջ անգլերէնով դրոշմուած է «Ազատութիւնը գիտութեան եւ արդիւնաբերութեան մայրն է» գրութիւնը։ Ներքեւի հատուածին մէջ նշուած է հատման տարեթիւը՝ 1792։