Թրքական պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք «ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին» համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովին (COP17)։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Ես գիտեմ, որ Թուրքիայէն նախարարական մակարդակով մասնակցութիւն պիտի ըլլայ։ Ատրպէյճանի մասնակցութեան հաստատման վերաբերեալ այս պահի դրութեամբ տակաւին ինծի տեղեկութիւն չէ հասած»,- ըսաւ Փաշինեան՝ անդրադառնալով հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն պատուիրակութիւններ պիտի մասնակցի՞ն Երեւանի մէջ կայանալիք COP17 համաժողովին։