Կութերեշ Կարեւորած Է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատումը

հեղինակ՝
15 Հոկտեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը, որ Հայաստան ժամանած է Երեւանի մէջ կայանալիք Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագրի կողմերու 17-րդ համաժողովի (COP17) ծիրէն ներս առաջնորդներու գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակով։

Վարչապետը ողջունած է Անթոնիօ Կութերեշի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը եւ նշած, որ ան երկրորդ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարն է, որ կ՚այցելէ Հայաստան։ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է վերջին 8 տարիներուն համատեղ աշխատանքը եւ նշած, որ այդ ընթացքին շատ բաներ տեղի ունեցած են տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ։ 

«Բայց բարեբախտաբար, մեր տարածաշրջանին մէջ, շատ դժուար իրադարձութիւններու միջով անցնելէ ետք, մենք կրցած ենք փոխել իրավիճակը, եւ հիմա մեր գլխաւոր նպատակն է հասնիլ վերջնական կէտին։ Ես նկատի ունիմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն ու վաւերացումը։ Այն մեր հիմնական նպատակն է, եւ մենք պէտք է կեդրոնանանք անոր վրայ, որովհետեւ զայն իրականացնելը դիւրին չէ, բայց միւս կողմէ մենք պէտք է ըլլանք հնարաւորինս կեդրոնացած այդ նպատակին վրայ»,– ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Անդրադառնալով COP-17-ին՝ վարչապետը նշած է, որ այն ամենամեծ միջոցառումն է, որ երբեւէ կազմակերպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ վստահութիւն յայտնած, որ այն պիտի անցնի բարձր մակարդակով։

Իր կարգին Անթոնիօ Կութերեշ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան եւ COP 17 համաժողովի լաւագոյնս կազմակերպման համար։ «Կ՚ուզեմ շնորհաւորել Հայաստանը, որովհետեւ այս համաժողովը չափազանց լաւ կազմակերպուած է։ Իմ գործընկերներս կը պատմեն, որ բանակցութիւններուն մէջ համատեղ յայտարարութեան կամ համաձայնութեան հասնիլը միշտ դժուար է։ Հայաստան ցուցաբերած է արտակարգ դիւանագիտական կարողութիւն՝ գործելով հրաշքներ, միաւորելով տարբեր կարծիքներ եւ տեսակէտներ։ Այն բոլոր ոլորտներուն մէջ, ուր COP-ը կ՚աշխատի՝ կենսաբազմազանութիւն, կլիմա, իսկապէս հայկական ղեկավարութեան ու դիւանագիտութեան որակը աչքի կը զարնէ»,– ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը։ Միաժամանակ, Անթոնիօ Կութերեշ կարեւորած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը եւ այդ գործին մէջ ընդգծած է վարչապետ Փաշինեանի անձնական ներդրումը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss