ՀՀ-ն Գանատայի Մէջ Ռազմական Կցորդ Պիտի Ունենայ

հեղինակ՝
15 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

ՀՀ Կառավարութիւնը ընդունած է «Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանատան կից ռազմական կցորդի մասին» որոշում։

Ըստ հիմնաւորման՝ Գանատայի մէջ ռազմական կցորդի հաստիքը պիտի համատեղուի ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ ռազմական կցորդին կողմէ։

Գանատայի մէջ ռազմական կցորդի առկայութիւնը պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման, նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ համատեղ միջոցառումներու իրականացման։

Ռազմական կցորդի առկայութիւնը պիտի ապահովէ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ յարաբերութիւններու բարձրացումը գործընկերութեան աւելի բարձր մակարդակի։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss