Թուրքիոյ Մէջ Երկար Դադարէ Վերջ Նշած Են Հայաստանի Անկախութեան Օրը

հեղինակ՝
16 Հոկտեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

14 Հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ ընդունելութիւն տեղի ունեցած է Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին առթիւ։ Թուրքիան ներկայացուցած է արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Պերիս Էքինճին։ Այսպիսի միջոցառման այսքան բարձր մակարդակով Թուրքիոյ ներկայացուցիչի մասնակցութիւնը աննախադէպ եղած է։

Միջոցառման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը։ Հայաստանը ներկայացուցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանը։ Ելոյթներէն վերջ հնչած են երկու երկիրներուն օրհներգները։

«Մենք երկկողմանիօրէն կը շարունակենք կարգաւորման գործընթացը՝ առաւելագոյն անկեղծութեամբ եւ վճռականութեամբ, լիակատար կարգաւորման հասնելու վերջնական նպատակով։ Այս ծիրին մէջ մենք շատ ուրախ ենք տեսնել, որ մեր երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի այցելութիւններու վերջին աճը զգալիօրէն նպաստած է մեր երկկողմ երկխօսութեան ամրապնդման եւ փոխըմբռնման յառաջխաղացման։

Մենք նաեւ բազմաթիւ յստակ քայլեր առած ենք փոխադրութեան, ուժանիւթի, մշակոյթի եւ ուղիղ առեւտուրի վերականգնման ոլորտներուն մէջ։ Այս բոլոր քայլերը մեզի համոզիչ հիմքեր կու տան մեծ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ նայելու մեր տարածաշրջանի ապագային։ Թուրքիան միշտ աջակցած է խաղաղութեան, կայունութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կարգաւորման շարժընթացին։

Այսօր երեկոյեան կ՚ուզէի ընդգծել, որ մենք պիտի շարունակենք մեր անկեղծ եւ անսասան աջակցութիւնը ցուցաբերել այս գործընթացներուն յառաջիկայ ժամանակաշրջանին»,- յայտնած է Թուրքիոյ ԱԳ փոխնախարար Պերիս Էքինճին։

Միջոցառման ընթացքին կողմերը յայտարարած են յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը շարունակելու, փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ առեւտրային համագործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութեան մասին։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss