Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Պերիս Էքինճի յայտնած է, որ Անքարան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց կը վարէ երկկողմ մակարդակով։
«Վերջին շրջանին մեր երկիրներուն միջեւ աշխուժացած բարձր մակարդակի այցելութիւնները զգալի ներդրում ունեցած են երկկողմ երկխօսութեան ամրապնդման գործին մէջ։ Մենք յստակ քայլեր ձեռնարկած ենք փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ուղղակի առեւտուրը վերսկսելու ուղղութեամբ», ըսած է փոխնախարարը։
Անոր համոզմամբ՝ այդ բոլորը հիմք կու տան լաւատեսօրէն նայելու տարածաշրջանի ապագային։