Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Թերեզա Ռիպերայի հետ։
Վերջինս բարձր գնահատած է Երեւանի մէջ կայացող Կենսաբազմազանութեան հարցերով առաջնորդներու գագաթաժողովը եւ կարեւորած է անոր ծիրին մէջ քննարկուող թեմաներն ու հարցերը։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր։ Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման։
Կողմերը կարեւորած են վերոնշեալ ուղղութիւններով սերտ փոխգործակցութիւնն ու համատեղ հետագայ աշխատանքներու իրականացումը։