Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյան Երեւանի մէջ COP17-ի ծիրէն ներս հանդիպած է Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլիի հետ։
«Քննարկած ենք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղիղ առեւտուրի հաստատման բերումով բացուող հնարաւորութիւնները։
Անդրադարձած ենք սննդային եւ անասնաբուժական հսկողութեան ենթակայ ապրանքներու փոխադրութեան եւ տարանցման ընթացակարգերուն։
Միտքեր փոխանակած ենք նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող եւ տնտեսական օրակարգին առնչուող շարք մը այլ հարցերու շուրջ»,– նշուած է Պապոյեանի ֆէյսպուքեան գրառման մէջ։