75 Նոր Աշխատատեղ․ Բացուած Է Ապակիի Մշակման Նոր Գործարան

հեղինակ՝
18 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Հայաստանի մէջ բացումը կատարուած է PROFAL ապակիի մշակման նոր գործարանի մը, որուն ներկայ եղած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Ալիւմինիումէ դռներու եւ պատուհաններու արտադրող PROFAL ընկերութիւնը Նայիրի համայնքի արդիւնաբերական տարածքին մէջ կառուցած է ապակիի մշակման նոր գործարան։ Ան կառուցուած է հիմքէն՝ եւրոպական եւ ամերիկեան բարձր չափանիշերուն համապատասխան։

Իրականացուած է շուրջ 20 միլիոն տոլարի ներդրում շինարարութեան եւ ժամանակակից սարքաւորումներու ձեռքբերման համար, յառաջիկայ երկու տարիներուն նախատեսուած է եւս 10 միլիոն տոլարի ներդրում։ Ընդգծուած է, որ ներդրումային ծրագրի իրականացման ընթացքին ընկերութիւնը օգտուած է պետական աջակցութեան գործիքէն։

Գործարանի շահագործման բերումով արդէն ստեղծուած է 75 նոր աշխատատեղ, յառաջիկայ փուլին նախատեսուած է ստեղծել եւս 100 նոր աշխատատեղ։ PROFAL-ի աշխատակիցներու ընդհանուր թիւը նախատեսուող աշխատատեղերու ստեղծումէն ետք պիտի ըլլայ 600-էն աւելի։

Այսօր ընկերութեան արտադրանքը կ՚արտահանուի շարք մը երկիրներ, այդ շարքին՝ ԱՄՆ, Գանատա, Ֆրանսա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Սէուտական Արաբիա եւ այլն։

PROFAL-ի արտադրանքին 80 տոկոսը կը սպառի տեղական շուկային մէջ, իսկ 20 տոկոսը՝ բաժին կը հասնի արտահանման։ Նոր գործարանին շահագործումով նպատակ դրուած է փոխել այս յարաբերակցութիւնը եւ զգալիօրէն մեծցնել արտահանման մասնաբաժինը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss