«Չնայած աշխարհագրական լարուածութեան եւ սաստկացող կլիմայական ճգնաժամին՝ այս համաժողովը կը վկայէ, որ բազմակողմանիութիւնը կ’աշխատի, եւ ստանձնած յանձնառութիւնները նախ եւ առաջ կը պատւուին», Երեւանի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան 17-րդ համաժողովի (COP17) բացման իր ելոյթին մէջ այս մասին յայտնեց Կենսաբանական բազմազանութեան համաձայնագրի գործադիր քարտուղար Ասթրիտ Շոմաքըր։
Շոմաքըր Քարտուղարութեան անունով խորին երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ՀՀ կառավարութեան ու հայ ժողովուրդին՝ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովը եւ Առաջնորդներու գագաթաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի հիւրընկալութիւնը, ժողովուրդին բարութիւնն ու ջերմութիւնը կը զգացուին առաջին իսկ պահէն, եւ կատարուած է ամէն ինչ, որպէսզի պատուիրակները իրենք զգան ինչպէս տան մէջ։
Գործադիր քարտուղարին խօսքով՝ Երեւանի համաժողովը յոյս կը ներշնչէ աշխարհին։ Ան յորդորեց յառաջիկայ երկու շաբաթները օգտագործել միաւորուելու, ստանձնած յանձնառութիւնները յստակ գործողութիւններու վերածելու, գործընկերային կապերը ամրապնդելու եւ իրականացման քայլերը արագացնելու համար։
Անդրադառնալով առկայ մարտահրաւէրներուն՝ Շոմաքըրը նշեց, որ ընդհանրական զեկոյցներու շնորհիւ յստակ է, թէ ուր կը գտնուինք եւ ուր են բացերը։ Անոր համոզմամբ՝ Երեւանի մէջ ընթացող հանդիպման առանցքային նպատակը այդ բացերը լրացնելն ու աւելի ազդեցիկ քայլեր նախանշելն է։
Ելոյթի աւարտին Շոմաքըր շեշտեց, որ COP համաժողով հիւրընկալելը փոքր առաջադրանք չէ, եւ Հայաստանը յաջողութեամբ պատուով յաղթահարած է այդ մարտահրաւէրը։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի, ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրի նախարարութիւններուն, ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողին եւ կազմակերպչական ամբողջ խումբին՝ «վարագոյրներու ետին» կատարած հսկայական անխոնջ աշխատանքին համար։