Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտնած է, որ ներգաղթը լուրջ վնաս հասցուցած է Ֆրանսային՝ կոչ ընելով փակելու սահմանները եւ խստացնելու վերահսկողութիւնը։
«Ֆրանսան կ’այրի։ Բոլորովին այլ աշխարհէ եկած մարդոց ներգաղթը կործանած է երբեմնի մեծ այդ երկիրը: Մարդիկ, որոնց սիրտերուն մէջ ատելութիւն կայ։ Փակեցէ՛ք ձեր սահմանները եւ վերահսկողութեան տակ առէ՛ք իրավիճակը, քանի դեռ ուշ չէ»,- գրած է Թրամփ։